Tuesday 3 January 2012

Article by Maitre Kasbar Derderian Worth Reading

Ցեղասպանութիւնը՝ Հասկցանք, Բայց...
Ու՞ր Մնաց Տարագրութիւնը

http://www.keghart.com/Derderian-DAHK

Դարադարձի Խոհեր
Մեթր Գ. Տէրտէրեան, Պէյրութ, 20 Նոյեմբեր 2011

Արեւմտահայաստանի իրաւաքաղաքական՝ ՀՈՂԱՅԻՆ, պահանջատիրութիւնն է միայն, որ իր մագնիսական դաշտին մէջ կրնայ համախմբել համահայութիւնը՝ Հայաստան, Արցախ
եւ Տարագիր Արեւմտահայութիւն:


Նայիլ նաեւ անգլերէնով Thank you Nalbandian, Thank you Davutoğlu ակնարկին որ առնչուած է Մեթր Գ. Տէրտէրեանի յօդուածին հետ:

9 տասնամեակներէ ի վեր՝ յետ-Եղեռնի մեր պահանջատիրութիւնը սահմանափակուած կը մնայ, մեր զգացական-ապաքաղաքական մօտեցումին հետեւանքով, Մեծ Եղեռնի երկեակ ոճիրներէն միայն մէկուն՝ Ցեղասպանութեան լոկ բարոյական ճանաչումին հետապնդումով, բարձի թողի ընելով երկեակ ոճիրներէն միւսին՝ Տարագրութեան, այսինքն՝ Արեւմտահայութեան հայրենազրկման եւ Արեւմտահայաստանի հայաթափումին ու զաւթումին, մեզի համար աւելի ճակատագրական ոճիրը...: Մեր այս ��գացական ու ապաքաղաքական մօտեցումը չփոխուեցավ նոյնիսկ՝ երբ Մեծ Եղեռնի 50-ամեակին առիթով 1965 թ., Երեւանի մէջ կազմակերպուած վիթխարի ցոյցին ընթացքին, պաստառներն ու վանկարկումները կը պահանջէին “ Մեր Հողերը, Մեր Հողերը”... շեշտը դնելով Տարագրութեան եւ անոր հետեւանքներուն վրայ, աւելի քան՝ մեր նահատակներուն ու կորուսեալ “գոյքերուն” վրայ: Կէս դարով յապաղած ենք արդէն՝ այդ օրէն:

....Read more >> http://www.keghart.com/Derderian-DAHK

No comments: