R.A.G OPPOSITION (r.a.g.lebanon@gmail.com)
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն
Հաղորդագրութիւն
Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Լիբանանի շրջանակի անդամակցութիւնը, հետեւեալ հաղորդագրութեամբ կը փափագի կատարել կարգ մը ճշդումներ ու լուսաբանութիւններ:
29 Մարտ 2009-ին տեղի ունեցաւ ՌԱԿ Անդամական ընդհանուր ժողով մը, որ իր կայացումով , տեսակով եւ արդիւնքով, ամբողջովին հակաօրինական ու հակականոնագրական էր:
Առաջին անգամը չէ որ ՌԱԿ-ի անունին տակ ծուարած ու զայն շահագործողներ, կը դիմեն այս աժան միջոցներուն , ՌԱԿ-ի սկզբունքներուն դաւաճանելով ու զայն ծառայեցնելով անձնական հաշիւներու եւ դիրքերու պահպանման:
Այդ օրուան ժողովը դատապարտելի նոր օրինակ մըն էր ,նկատի ունենալով ՌԱԿ-ի Ծրագիր- կանոնագիրի խախտման հետեւեալ կէտերը.
Ա: Շրջանային Պատգամաւորական ժողովներու փոխարինումը անդամական ընդհանուր ժողովներով :
Բ:Ակումբները կամայականօրէն փակելու , միացնելու կամ չէզոքացնելու փորձերը
Գ: Գոյութիւն ունեցող ակումբները անդամական ժողովներով հանդէս չգալը
Դ: Անդամական ընդհանուր ժողովները՝ նոր Շրջանային վարչութիւն ընտրելու պարագային ակումբներն առնուազն վաթսուն օր առաջ գրաւոր շրջաբերականով պէտք է տեղեակ պահուէին եւ օրակարգն ալ յստակօրէն նշուէր:
Ե: իրաւասու ու քուէարկու անդամները պէտք է կատարած ըլլային իրենց անդամատուրքի պարտաւորութիւնը
Զ:Նիւթաբարոյական տեղեկագիրի ընթերցումի բացակայութիւնը
Ասոնց վրայ պէտք է աւելցնել վերոյիշեալ ժողովին մասնակցութիւնը այն անձերուն , որոնք վէրջին պահուն կուսակցական օծուած եղած են, յատուկ ''կարգադրութիւններով'':
Իսկ ապահովական ուժերու ''խիտ շարքերով'' ներկայութիւնը ի՞նչով կարելի է բացատրել, երբ ներկաներուն թիւը հազիւ քանի մը տասնեակ էր:Նոյնպէս՝ բջիջային հեռաձայններու խափանարարական խանգարումները: Արդարևւ ''մուխապարաթ''ական ու ''կեսթապոյ''ական միջոցառումներ: Այդ ժողով անուանուածը՝ կուսակցականներու՞ համար էր, թէ ապահովական ուժերու:
(Ի միջի այլոց, ի՜նչ կուսակցութիւն որուն անդամներուն թիւը հասած է այս աղքատութեան ու տակաւին ոմանք կը հպարտանան իրենց ''նուաճումներով'': Չե՞ն գիտեր թէ ինչու ՌԱԿ-ը հասաւ այս անկումին եւ ո՞վքեր էին անոր ''հերոս''ները):
Հաւանական ''բախումներու'' համար պետք կա՞ր այդ ''ապսպրանք''ին' , գաղտնի ոստիկաններու մասնակցութեամբ:
Քիչ մը փորձառուները ու վաստակաւորները շատ լաւգիտեն ,թէ անցնող տասը տարիներուն, ՌԱԿ-ի ու ԹՄՄ-ի մէջ ինչպէ՞ս տեղի կունենային այս բոլորը եւ ո՞վ կը գտնուէր ատոնց ետին:Այսօր նոյնին կրկնութիւնն է , երեսփոխանական ընտրութեանց...գինարբուքով: Ուրիշ բացատրութիւն չկայ:
Ապօրինութիւնները նոր թափով կը շարունակուին, ափ մը արկածախնդիրներով,որոնցմէ կարեւոր մաս մը հաշուենկատ ախորժակներով:
Իսկական ՌԱԿ-ը երեսփոխանական թեկնածու չունի:Չէ ունեցած: Ո՞վ չի գիտեր այդ ճշմարտութիւը: Եթէ կայ ''առաջադրուող'' մէկը,ատիկա չի կրնար մատի վրայ հաշուըուող խմբակէ մը ըլլալ:
Անդամակցութիւնս կը մերժէ այս կեղծարարութիւնը ու պիտի չհրաժարի պաշտպանելէ ՌԱԿ-ի վարկն ու անոր հեղինակութեան վերականգնումը :
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանակի Անդամակցութիւն
Պէյրութ,
2 Ապրիլ 2009
~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~
No comments:
Post a Comment