Friday 7 October 2011

Fwd: Srpots Tarkmanchatsi Aritov Սրբոցն Թարգմանչացի առիթով

Բարեւ,

Այս Շաբաթ՝ 8 Հոկտեմբեր Ս. Թարգմանչաց է, ուր հայ դպրոցներ կը նշեն Հայ Գիրիու գիւտը: Կը խնդրենք որ հայ գիրերու գործածութեան մասին այս Հարցախոյզ ին մասնակցիք: Ներփակ գտէք «Մաշտոցի Արձագանգ»ի Հոկտեմբեր 2011-ի խմբագրականը:

Շնորհակալութիւն
Արեւմտահայերէնի փրկութիւնը

Արեւմտահայերէնի փրկութիւնը՝ թուային (digital) պարունակութիւն ունենալու մէջ կը կայանայ


405 թուին ծնունդ առած հայերէնը արդէն 1606 տարեկան է: Լեզու մը, երիտասարդ մնալու համար, պարտի նորագոյն արուեստագիտութիւններու (technology) հետ քայլ պահել: Արդեօք լեզու մը կա՞ր որ չօգտագործեց ԺԵ. դարու Կիւթէմպըրկի տպագրութեան գիւտը: Ոչ, որովհետեւ այն լեզուները որոնք տպագրութիւն չունեցան, մեռան: (Հոս կ’արժէ յիշել թէ 2012 թուականին, մենք պիտի տօնենք Հայ տպագրութեան 500-ամեակը):


Այսօր, մենք կ’ապրինք թուային ժամանակաշրջանի մը մէջ: Գիրքեր, երգեր, արուեստի գործեր, արուեստագէտներ եթէ չունին թուային ներկայութիւն, տեղ չունին իրենց համակիրներու համակարգիչներուն եւ բջիջային հեռախօսներուն մէջ, եւ ուրեմն տեղ չունին ժողովուրդի մտքին մէջ: Մենք կ’ընդունինք թէ արեւմտահայերէնի փրկութիւնը համազգային առաջնահերթութիւն է, սակայն պէտք է բաժնել պարտականութիւնները.

Այն հայ կազմակերպութիւնները որոնք օտար լեզուներով համացանցային ներկայութիւն են, պարտին նաեւ համահաւասար հայերէնով ներկայութիւն ունենալ:
Հայ ուսուցիչներ պարտին իրենց հայ աշակերտներուն հետ հայերէնով ե-նամակով (email) հաղորդակցութիւն ստեղծել:
Ուսուցիչներ պարտին իրենց աշակերտներուն քաջալերել Հայերէն գործածելու իրենց Facebook, Myspace, Twitter եւ այլ կայքէջերու վրայ:
Հայաստանեայց Եկեղեցին, պարտի իր բոլոր հաղորդակցութիւնները կղերականներու, ժողովականներու եւ ժողովուրդին միջեւ ընել նաեւ մեսրոպատառ հայերէնով:
Գիրքեր որոնք կը տպագրուին թուղթերու վրայ (ԺԵ դար) պարտին նաեւ մատչելի ըլլալ թուային ձեւով որպէսզի նոր սերունդի զաւակները՝ անոնք որոնք հայերէն գիրերը կը ճանչնան, կարենան կարդալ այս գիրքերը իրենց համակարգիչներուն, iphoneներուն եւ ipadներուն վրայ:
Իմաստալից ձեւով յիշատակենք Թարգմանչաց տօնը, կարդալով հայագրեալ Աստուածաշունչը, որուն թարգմանութեան համար յատկապէս հայերէն գիրերը կեանք առին:
Եթէ մենք հաւաքաբար շարունակենք չգործածել հայերէնը մեր առօրեային մէջ, այն ատեն միայն մենք մեզ կրնանք այպանել:

Մենք, որպէս Կիրակնօրեայ Դպրոց եւ «Մաշտոցի Արձագանգ»ի խմբագրութիւն, մեր բաժինը կը բերենք այս համազգային պարտականութեան մէջ:
2000 թուականին, ստեղծեցինք մեր կայքէջը, որպէսզի հայերէնով Ճաշու Աւետարանը թուային ներկայութիւն ունենայ համացանցին վրայ:
2002 Սեպտեմբերէն սկսեալ «Մաշտոցի Արձագանգ»ը որպէս ամսաթերթ զետեղեցինք համացանցին վրայ, թուային ներկայութիւն տալու համար անոր:
Մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ հայերէն որոշ գիրքերու տուինք թուային
ներկայութիւն, համացանցի հետեւեալ հասցէներուն վրայ (ինչպէս կը տեսնէք, URL-ները հայերէն են:
http://www.sourphagop.org/գիրքեր/դասագրքեր
http://www.sourphagop.org/գիրքեր/այլ_գիրքեր


Յոյսով կը սպասենք որ բոլոր հայ կազմակերպութիւնները մեսրոպատառ հայերէնը
թուային ներկայութիւն դարձնեն իրենց համացանցային հաղորդակցութեան մէջ:

Copyright 2011 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոց. All rights reserved.

No comments: