Հրաւէր Ողջախոհութեան Եւ Սթափութեան
Սիրելի հայորդիներ եւ հայրենակիցներ,
Ցաւով կը հետեւինք, այս օրերուն, հայրենի մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, որ առնչուած են մեր եկեղեցական կեանքին: Մտահոգ ենք յառաջացած իրավիճակով:
Եւրոպայի Թեմերու առաջնորդներու մեր պատգամն է մեր սիրասուն հայորդիներուն, որ տուրք չտան ծայրայեղականութեան եւ պատեհապաշտութեան, մշտամրմունջ աղօթքով սատարեն մեր երկրին ու մեր Մայր Եկեղեցուն: «Ունկնդիր լերուք առաջնորդաց ձերոց, եւ հպատակ կացէք նոցա, զի նոքա տքնին վասն ոգւոց ձերոց, որպէս թէ համարս տալոց իցեն ընդ ձեր». (Եբր. ԺԳ. 17):
|
No comments:
Post a Comment