Thursday, 10 May 2018

Dr Dikran Abrahamian - Keghart.com



keghart.com

Փարիզ, Մայիս 1968, Երեւան Մայիս 2018

ՄԱՅԻՍ 8-ի ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ
Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 7 Մայիս 2018
Ուղիղ 50 տարի առաջ, Մայիս 6–ին, եւ ապա ամբողջ 15 օրեր, «լոյսի քաղաք» Փարիզ վերածուեցաւ խաւարի, ըմբոստութեան, ուսանողական եւ բանուորական յամառ ու աննահանջ ցոյցերու անսանձելի հրաբուխի մը։ Մէկ կողմէն խիստ դժգոհ ուսանողութիւն մը եւ անիրաւուած դասակարգեր կատաղի բախումներու միջոցով որոշած էին հարցերը լուծել, միւս կողմէն պահպանողական խաւերը կը փորձէին շարունակել իրենց իշխանութիւնը եւ դառնալ դէպքերու թելադրողը։  Օրուան ամենէն բնորոշ լոզունգներէն մէկն էր «Արգիլուածն է արգիլուածը» (“Il est interdit d'interdire”)։ Եւ սկսան Սէն Միշէլ հրապարակի ու Սորպոնի յարակից թաղերու մէջ պայթիլ ոստիկանութեան արցունքաբեր ռումբերը, որոնց ծուխ ու մուխէն Փարիզի Մայիսեան պայծառ երկինքը խաւարեցաւ։
Յաջորդ օրերուն Ֆրանսան անդամալուծուեցաւ ընդհանուր գործադուլներու պատճառով։ Յեղափոխականացած ուսանողութիւնը կը պահանջէր բարեփոխութիւն եւ պետութեան վերակառուցում։ Սէն Միշէլ հրապարակի սալիկները մնացին ՄԵՐ միակ ինքնապաշպանութեան միջոցները բիրտ ոստիկանութեան վայրագ յարձակումներու դիմաց։ ՄԵՐ կ՚ըսեմ, որովհետեւ տողերուս հեղինակը առաջին մէկ օրէն միացաւ շարժումին՝ արժանանալով շրջապատին համակրանքին։ ....Read more >>

Ողջախոհ Ազգասիրութիւն

Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, 6 Մայիս 2018
«Ի՞նչպէս դարմանել ժողովուրդի վստահութիւնը չվայելող եւ ոստիկանական համակարգի տակ հեծեծող երկրի մը ցաւերը: Պարզ եւ հեշտ պատասխանը պիտի ըլլայ. «երբ երկրէն ներս կը ստեղծուի արդար համակարգ, ուր ամէն ոք ենթակայ կ'ըլլայ օրէնքի գերակայութեան»:  Իսկ ի՞նչպէս կրնանք հասնիլ անոր: Կա՛մ  այդ պիտի գայ նոյն այդ աւագանիի այն հատուածէն, որ պիտի գիտակցի, որ իր ապագան աւելի ապահով կը դառնայ արդար համակարգի մը տակ ու հետեւաբար պէտք է նպաստէ անոր ստեղծման եւ կամ ժողովրդային պոռթկումով, որ կրնայ վտանգել աւագանիի կեանքերն ու շահերը:»

Վերեւի մէջբերումը վեց ամիս առաջ գրուած մեր «Փոխադարձ Վստահութիւն, Միասնականութիւն, Պատասխանատուութիւն եւ Օրէնքի Գերակայութիւն» յօդուածէն է: Այդ ժամանակ չէինք կանխատեսէր, որ մեր առաջարկած դարմանի նախաշեմին  այսքան արագ պիտի հասնէինք: Նոյնիսկ ամիս մը առաջ կարելի չէր կանխատեսել: Կ'արժէ այստեղ նշել, որ 9 Սեպտեմբեր 2015-ին սեղմ շրջանակի մէջ, առաջին անգամ հանդիպեցանք Նիկոլ Փաշինեանին Լոս Անճելըսի մէջ: Մինչ այդ, ծանօթ էինք իրեն իր յօդուածներուն ընդմէջէն, սկսած 90-ականներէն երբ չէինք բաժներ իր շատ մը ամբոխավարական մտքերը (չգիտնալով, որ 20 տարեկան իսկ չէր) եւ գոհունակութեամբ հետեւած էինք իր «հասունացման» գործընթացին:  ....Read more >>

EX-FM Oskanian's Analysis of Current Events & What to Avoid

Former RoA foreign minister Vartan Oskanian analyses the current challenges that Armenia faces, the causes of the Velvet Revolution and what lies ahead. The interview is in Armenian language.
He presents an interesting take on how to approach Russia. Oskanian draws similarities between the failures of the first republic of Armenia and the present oligarchy quoting extensively from Hovhannes Katchaznouni-- the first prime minister of the first republic of Armenia. Click on VIDEO to access the tape.

Իշխանութիւն-Ժողովուրդ Կորսուած Վստահութիւնը

Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 6 Մարտ 2018
Այս յօդուածը պատրաստուած էր նախքան հայրենական իրադարձութիւնները, ինչ որ աւելի կը բնորոշէ անոր այժմէականութիւնն ու թափանցիկութիւնը:-Խմբ.
Մարդկային յարաբերութիւններու մէջ, իրարու նկատմամբ վստահութիւնը կը հանդիսանայ հիմնական գործօն մը:
Ընկերային կեանքին մէջ, իրարու նկատմամբ վստահութիւնը բացարձակ անհրաժեշտութիւն մըն է: ....Read more >>

Աղօթում Եմ

 Երբ երկիրս են անխղճաբար բորենիները թալանում,
ես դեռ չոքած անկողնուս մօտ աղօթում եմ: 
Երբ որ ագահ, անգութ մարդիկ կուտակում են հարստութիւն,
եկեղեցու խորհրդաւոր սրահի մէջ աղօթում եմ: 

Dr. Dikran Abrahamian · 15 Bridle Rd. · Penetanguishene, ON L9M 1J5 · Canada
click unsubscribe from this list or reply to this message with REMOVE on the subject line.

No comments: