Sunday 14 December 2008

Ramgavar

ԼիբանանեանԱլ Ախպարօրաթերթին յօդուածին առիթով

ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակի անդամնակցութեան անտեղիտալի կեցուածքը

Վերջին շրջանին, ՌԱԿ լիբանանի շրջանակի անդամակցութիւնը,մեկնելով 1 հոկտեմբեր 1921ի ՌԱԿ ի խորհուրդէն ու հաւատամքէն , ամէն ճիգ կը թափէ հարազատ մնալու իր գաղափարական ուխտին , հիմնովին մերժելով ՌԱԿըԼիբանանակացնելուորեւէ փորձ, որուն դաւադրութիւնը սարքանծ է ու կը շարունակէ իրականացնել ՌԱԿի գաղափարախոսութեան անյարիր անձ մը, որ կը կոչուի պրն. Յակոբ Գասարճեան:

Այս ողորմելին , որ ուզած ատեն կը յաւակնի ինքզինք ներկայացնելու ՌԱԿի ներկայացուցիչ լիբանանեան խորհրդարանէն ներս, իսկ ուզած ժամանակն ալ կ՛ոտնակոխէ ՌԱԿի անունն ու վարկը , իր քանդիչ ու սադրին գործունէութիւններով , ՌԱԿը հասցուց այսօրուան անփառունակ վիճակին , խմբակի մը համբակներու գործակցութեանբ:

Այսօր , ՌԱԿի լիբանանի շրջանակը կը ներկայացնէ տխուր վիճակ մը , իր ԹՄՄով , մամուլով , դպրոցով եւ առ հասարակ գոյութեամբ, որ իր փառաւոր անցեալէն նմոյշ մը իսկ չէ ձգած, քանի Գասարճեան եւ իր դրածոներ, կը շարունակեն շահագործել իրենգ պաշտօնները ու չեզոքացնել իրենց ընդդիմացողները:

Ոչ-հայկական ու ՌԱԿի օրինակելի աւանդութեան խոտոր համեմատող աղբիւրներէ նիւթական մատակարարութեան խոտոր համեմատող աղբիւրներէ նիւթական մատակարարութիւն բերելով կուսակցութեան, պրն. Գասարճեան կը կարծէ պահել շրջանակ , մինչդեռ եղածը պարզապէս աւազակաբարոյ վարքագիծ մըն է , ՌԱԿի հիմնադիրներու ղեկավարներու եւ ուղեգիծի հասցէին: Թունաւոր դաշոյն մըն է որ կը խրուի ՌԱԿի թիկունքին, այն ՌԱԿին, որ իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին , հպարտօրէն եւ արդարօրէն մնաց պատնեշի վրայ,առանց դաւաճանելու իր ազգային-գաղափարախօսութեան պարկեշտութեան:

Ոչ միայն բարեկամ ու համակիր շրջանակներ ցաւով ու ցասումով կը հետեւին Գասարճեանի մըցանածկուսակցավնաս մանրէներուն, այլեւ տեղական քաղաքական ու լրատուական մարզեր եւս կը հետաքրքրուին ՌԱԿի վիճակուած այս ողբալի կացութեամբ:

Զաւեշտականը այն է, որ այս Պարոնը տակաւին ախորժակ ունի խորհրդարանին մէջ իր աթոռը պահելու ՌԱԿի անունով:

ՌԱԿ լիբանանի շրջանակի անդամակցութիւնը կը մերժէ՛ասիկա , որովհետեւ ան արժանի չէ այդ պիտակին, ոչ ալ կը ներկայացնէ ՌԱԿը: Ութը տարի ոչինչ ըրաւ խորհրդարանէն ներս: Թ՛ող խօսին փաստերը:Թ՛ող վկայէն դէտերը:

ՌԱԿի անդամակցութիւնը ամէն գնով պիտի պայքարի այս թեկնածութեան դէմ, իսկ եթէՄուսթաքպալը կ'ուզէ այս անբանը պահել, իր գիտնալիքն է, բայց յստակ թող ըլլայ, Գասարճեանը կենդանի-դիակ մըն է, որ ոչ մէկ կապ ունի ՌԱԿի շրջանակին հետ:

Հոս կ'ուզենք յիշել նաեւ պարագան Հարիրիի հաստատութեան մէջ ծուարած ոմն հայու մը , որ իբր թէ կը զբաղիհայկական հարցերով , միչդեռ , ան իր կողմնակալ միջամտութիւններով եւ ազգավնաս խառնակչութիւններով,հայկական կազմակերպութիւնները կ'արժեզրկէ իրենց ինքնութիւններէն, կը թշնամացնէ զիրար, փոխան...վարձատրութիւններու:

ՌԱԿի անդամակցութիւնը վճռականօրէն պիտի շարունակէ պայքարիլ յանուն ՌԱԿի արժանապատուութեան վերատիրացումին եւ անդամակացութեան վերականգնումին, Գասարճեանի մը ուրուականը բացայայտելով ու զայն զրկելով ՌԱԿի անունով հանդէս գալու իր ընղաքաղցութենէն:

Ստորեւ, թարգմանաբար հատուածներ լիբանանեան ազդեցիկ արաբատառ օրաթերթ՝Ալ Ախպարէն (8 Նոյեմբեր 200) գրութիւն մը ուր յօդուածագիրը՝ Տանի Հատտատ, լայն կարկինով կ'անդրադառնայ ՌԱԿի լիբանանի շրջանակին հետեւեալ խորագիրով եւ ենթախորագիրով.

Յեղաշրջական շարժում ՌԱԿէն ներս . ոչ՛ Յակոբ Գասարճեանին

Գասարճեանը պատասխանատու նկատել՝ անդամալուծելու կուսակցութիւնը՝ յօգուր Հարիրիին

Կը թուի թէ ընտրական ստուգատեսը պիտի ըլլայ այն հարուածը, որ պիտի փշրէ հայկական ռամկավար կուսակցութիւնը , որ հիմնուեցաւ 1921ին: Հայկական ժողովրդավարական ազատական այս կուսակցութիւնը,այսօր կը բողոքէ իր ժողովրդավարութեան սահմանափակումէն,բռնութեամբ անձի մը , որ կ'ուզէ իշխել կուսակցութեան օրինաչափութիւններուն ու հաստատութիւններուն վրայ, ինչպէս որ կը նշէ ռամկավար անդամ մը , երբ անցեալ շաբաթ ընդդիմադիրնէր հաւագած ենՊայքարակումբին մէջ ու պահանչած Յակոբ Գասարճեանի պաշտօնանկումը, ապա մերժել ՌԱԿի անունով անոր երեսփոխանական թեկնածութիւնը:

Ընդդիմութիւնը կը դատապարտէ Գասարճեանին տաբերակը՝ 2004ին ՌԱԿը արձանագրելու իբրեւ տեղական կուսակցութիւն, գաղտնօրէն , հին հիմնադիրներու անդամակցութեամբ(Յակոբ Գասարճեան,Գէորգ Փափազեան(քեռայր)Արտաւազդ Մելքիսէթեան,Վարդգրէս Իւրնէշլեան,Մայք Խարապեան):

Ըստ ընդիմութեան Գասարճեան, որ 2000ին ընտրուեցաւ երեսփոխան , որդեգրած է, քայլ առ քայլ լաչաքականութեամբ, գրաւելու կուսակցութեան կառոյցները , իր հակակշիռին տակ արնելով լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, զոր կը գլխաւորէ Աւետիս Տագէսեան:1

Կուսակցութենէն աղբիւր մը կը հաստատէ , որ կուսակցութիւնը հասած է ողբալի վիճակի մը, Գասարճեանի ազդեցութեան հետզհետէ աճումին բերումով, հետեւաբար, նոյն աղբիւրը կը պահանչէ,ընդդիմութեան անունով,կազմակերպելու պատգամաւորական ժողով մը,ընտրելու համար նոր ղեկավարութիւն մը:

Ընդդիմութիւնը կը խօսի նաեւ դրամի գործօնի մասին,որ հիմնական ազդակն էր Գասարճեանին իշխելու կուսակցութեան վրայ,մանաւանդ նիւթական այն անակցութեամբ, զոր ան կը ստանայ երեսփոխան Սաատ Հարիրիի խորհրդական(հայկական հարցերով)՝Արա Սիսէրեանէն, ինչ որ պատճառ դաձած է որ կուսակցութիւնը դառնայ պատանդ Գասարճեան Սիսերեանի ձեռքը:

ՌԱԿը, կ'ըսէ յօդուածագիրը, ունիԶարթօնքպաշտօնաթերթը որ լոյս կը տեսնէր օրաթերթային դրութեամբ ,դադրեցաւ 15 ամիս (առաջ ճիշդը 17), այժմ լոյս կը տեսնէ որպէս շաբաթաթերթ,տարակարծութիւն ծագած ըլլալով Գասարճեանին եւ այդ շրջանի պատասխանատու խմբագիր Պարոյր Աղպաշեանի միջեւ,առաջինը պնդելով թէ երկրորդը չէր հետեւէր իր ցուցմունքներուն:2

Կուսակցութեան կարեւորագոյն կառոյցներէն է , կը շարունակէ յօդուածագիրը,Թէքէեան Մշակութային Միւթիւնը,որ կուսակցութեան սեփականութիւնն է,Ժըմէյզիի շրջանին մէջ,ուր կը գործեն կուսակցութիւնն որ պաշտօնաթերթը: Ընդիմութիւնը կը վախնայ, որ Գասարճեան կրնայ ծախել շենքը, երբ որ ստանձնէ Միութեան ատենապետութիւնը:3

Թէքէեան վարժարանը, որ համարեա ձրիավարժ կրթարան մըն է,կը շեշտէ Հատտատ,կը բոլորէ Նիւթական սուր տագնապ մը: Ընդդիմութիւնը հարցականներ կը յարուցանէ այն նիւթական օժանդակութիւններու ճակատագիրէն,որոնք չեն գոհացուցած Վարժարանին կարիքները 4,ինչպէս Գըրք Գրիգորեանի 189 հազար տոլարի գումարը, նաեւ այն,որ Գասարճեան ճնշում բանեցուցած է վարժարանի ռամկավար ուսուչակազմին վրայ, մասնակցելու կուսակցութեան անդամական ժողովին , սակայն առանց որ կարենայ հասնիլ իր նպատակին (ներքայ գտնուած են շուրջ 40 հոգի):

Ընդդիմադրութիւնը նաեւ դիտել կուտայ կուսակցութեան մակարդակի անկումը լիբանանեան բեմին վրայ,կուսակցութեան մէկանձնաւորումի մը պատճառով, որ կը հակասէ կուսակցութեան ներքին ծրագիր-կանոնագիրին, յենուելով ներկայ Շրջանային Վարչութեան վրայ,բր ապօրէն է,քանի նշանակուած է:5

Ընդդիմութիւնը կուսակցութեան անդամալուծումին համար պատասխանատու կը նկատէ Գասարճեանը,յիշեցնելով թէ իրենք տարակարծիք են Գասարճեանին հետ, ոչ իր քաղաքական արեւելումին պատճառով այլ իր վարմունքին կուսակցութենէն ներս եւ այն զանցառութիւններէն,զորս ան կ'ունենայ,որուն համար կը պահանչեն երեսփոխան Հարիրիին' վերատեսութեան ենթարկելու Յակոբ Գասարճեանի երեսփոխանական թեկնածութիւնը, քանի ան չի ներկայացներ Ռամկավար կուսակցութիւնը:

Եզրակացնելով ,յօդուածագիրը կ'ըսէ թէ ընդդիմութիւնը կը պնդէ թէ մինչեւ վերջ պիտի շարունակէ ընդդիմութիւնը, ընդդիմանալով Գասարճեանին թեքնածութեան երեսփոխանական ընտրութիւններուն , առաւել զայն հեռացնելու կուսակցական շարքերէն:

ՌԱԿ

Լիբանանի շրջանակի անդամակցութիւն

1) Աւետիս Տագէսեան, Յովսէբ Էմիրեան և Յարութիւն Երկանեան, 2000ի երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք, Յարութիւն Երկանեան վտարուեցաւ իսկ Աւետիս Տագէսեան և Յովսէփ Էմիրեան նախ կախակայուեցան ապա վտարուեցան կուսակցութենէն, ընտրական հսկայական գումարներ իւրացուցած ըլլալու յանցանքով: Վտարումի «Սենարիօ»ն, իրեն ենթակայ դրածոներով, նոյն Գասարճեանն էր, որուն թևերուն տակ այսօր կը գտնուին վտարեալ Տագէսեանն ու Էմիրեանը:

2) Գասարճեան չէր կրնար Աղպաշեանին ցուցմունք տալ, պարզապէս անոր համար, որ առաջինը ոչ կուսակցութենէ, ոչ ալ ուղղութենէ կը հասկնայ, անոր միակ սևեռակէտը, իր երեսփոխանութիւնը պահելն էր, ատկէ դուրս ամէն սրբութիւն իրեն համար պղծութիւն է:

3) Միւութեան հիմնադիրներու ներկայ ատենապետն է գործարար Կարապետ Պապահէքեան, որուն թուլամորթութեան, վախկոտութեան և անհատակութենէն զուրկ ըլլալու պատճառով, ՌԱԿի շրջանակը հասաւ այս մահամերձ վիճակին, անիկա ըլլալով հլու- հնազանդ կամակատարը Գասարճեանին: Հակառակ անոր որ առիթ չի փախցնէր իր դժգոհութիւնը ու զզուանքը արտայայտել Գասարճեանին նկատմամբ:

4) Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկութիւնը, մեր տեղեկութիւններով, որոնք թերեւս պաշտօնական չըլլալ, իր տարեկան յատկացումը դադրեցուց Թէքէեան վարժարանին, աշակերտութեան թիւի զգալի նուազումի ու մակարդակի անկումին հետեւանքով, որոնց պատճառը հաճոյակատար տնօրէնուհինէ և անհմայք կրթական մարմինը, ատենապետութեամբ ծակ-փրոֆեսորի մը, միւս կողմէ ալ՝ պրն. Գասարճեանին ամբարտական յայտարարութիւններէն մէկն էր, որ իրէնք պէտք չունին այդ յատկացումին, այն տպաւորութիւնը ձգելով, թէ իր մեծահոգութիւնը կը բռնէ ու ինք կը ստանձնէ վարժարանին բացերը: Ի՜նչ միամտութիւն պիտի մտածեն ոմանք:

5) Կուասակցութիւնը բացառիկ պարագաներու կրնայ նշանակել մարմիններ: Այս վարչութիւնը ունի շուրչ երկու տարուան նշանակում մը, ինչ որ անհանդուրժելի գործունէութիւն մըն է, իր ամբողջական անհեղինակութեամբ և անձեռնհասութեամբ, բացի շահագործել կեդրոնին եկամուտերը և օգտուելու դուրսէն եկած Սիսեռեանական նպաստներէն:

ՌԱԿ

Լիբանանի շրջանակի

Անդամակցութիւն

12th December 2008

No comments: