Wednesday 4 March 2009

R.A.G OPPOSITION

Յայտարարութիւն

7 Յունիս 2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները, ինչպէս այլ համայնքներու ու քաղաքական կազմակերպութիւններու , նաեւ լիբանանահայութեան համար կենսական եւ անկիւնադարձային նշանակութիւն մը պիտի ունենան:

Ասկէ մեկնելով մենք՝ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Լիբանանի շրջանակի մեծաթիւ անդամակցութիւնս, իբրեւ կառուցողական ընդդիմութիւն, նախանձախնդիր ու հետամուտ ենք , որ այս ընտրութիւններուն լիբանանահայութեան խորհրդարանական թեկնածուները հանդէս գան ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ճակատով, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ (ՊԼՈՔ) անունի տակ, որուն մէջ ներառուին բոլոր կողմերը, ԱՆԽՏԻՐ :

Ներկայ պայմաններու լոյսին տակ եւ ապագայի հեռանկարով, համոզուած ենք որ այս է ճիշդ ուղին , ծառայելու լիբանանեան հայրենիքին եւ ատոր ընդմէջէն՝ լիբանանահայութեան կարիքներուն, առանց դառնալու ուրիշներու ''զանազան քաղաքական խմբաւորումներու դրածոյ պատգամախօսը'', ինչպէս իրաւացիօրէն կը նշէր Ռ.Ա.Կ. կեդրոնական վարչութեան 24 Դեկտեմբեր 2008-ի ''Սրտագին կոչ''ը:

Այս անվիճելի ընտրանքը յաջողցնելու գերագոյն գրաւականը մեզմէ իւրաքանչիւրէն կը պահանջէ յանձնառու կեցուածքով ու պատրաստակամ ընդառաջումով այս տարազումը դարձնելու լիբանանահայութեան սեփականութիւնը:

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանակի Անդամակցութիւն

Պէյրութ

27 Փետրուար 2009

~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~

No comments: