Friday, 23 March 2018

Dr Dikran Abrahamian - dikran@keghart.com

Ո՛չ եւ Երիցս Ո՛չ

Translate or View it in your browser

Ո՛չ եւ Երիցս Ո՛չ

Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 22 Մարտ 2018
Մարդոց միտքը հիմա՛ ինկեր է այս «եղբայրասպանութեան» մասին գրելը։ Այս բառը կը նշանակէ եղբայր մը եղբօր կը սպաննէ եւ այդ դէպքը ծնունդ կու տայ կողմի հարազատներուն պատասխանելու աւելի դաժան կերպով։ Աչք աչքի դէմ, ակռայ ակռայի դէմ։ Երբեմն եղբայրասպանութիւնը կ՚երկարի տարիներու վրայ՝ հիւծելով երկու կողմերն ալ։
Ինչ որ պատահեցաւ Լիբանանի հայ գաղութին մէջ 1956-57-58  թուականներուն,  ճիշդ է՝ «հայը հայուն» սպաննեց, ահաւոր ծեծ ու ջարդի ենթարկեց (ածելիով երեսներ ճղուեցան), ծեծկռտուքներով  իրենց տուներէն ու գործատեղիներէն դուրս վռնտուեցան, նոյնիսկ եկեղեցիներէն, որոնք գրաւուեցան տեղական աջակողմեան ծայրայեղ-ֆաշական իշխանութիւններու կողմէ, որոնք բացէ ի բաց աչք գոցեցին ու թաքցուցին նախայարձակները հայկական կողմի մը։ Եղբայրասպան չեմ կոչեր ես, նոյնիսկ երբ տարիներով իրարու ետեւէ սարափի ենթարկուելէ ետք, վրիժառութեան հատուկենտ բրտութեան դէպքեր պատահեցան հայութեան տկար հատուածին կողմէն։ Այս վերջիններս ես կը նկատեմ սոսկ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ եւ ոչ «իրենք ձեզ սպաննեցին, դուք ալ՝ իրենց», ուրեմն հաշիւը փակուած է։ ....Read more >>

Bearing Witness to Humanity

Switzerland’s Humanitarian Contribution during the Armenian Genocide
in the Ottoman Empire 1894−1923

(Armenian text available following access to site) 
This book [by Dr. Abel Manoukian] seeks to pay tribute to the Swiss people’s unprecedented solidarity with the Armenians in their most trying times. After providing a comprehensive overview of Armenian history and the events leading to the massacres and genocide perpetrated against the Armenians, the author explains how it came to be that the Swiss people took a stand alongside their Armenian brothers and sisters in the Christian faith. The period under consideration ranges from the time of the first American Protestant missionaries in the orient to the assumption and continuation of their work by Swiss missionaries.
A stark contrast emerges between the merciless policy of annihilation implemented by the Ottoman Empire and the shining examples of selflessness provided by aid workers from Switzerland, who – as doctors, nurses and educators – gave the Armenian people formidable assistance in the most adverse of circumstances. Their efforts were supported by an unabating flow of monetary donations from many people in their home country, including those who were less wealthy. This surge in people’s willingness to help was made possible and sustained by a massive solidarity movement in Swiss society. ....Read more >>

Click on Փողկապաւոր Չոպանները to view the entire cartoon

«Քաղբանտարկեալ»ներու Փաթեթի Հետքերով

Պարոյր   Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ , 19 Մարտ 2018
Ցաւատանջ եւ ահագնացող արտագաղթէն ետք, խիստ կարեւոր հիմնահարց մըն է՝
«ՀԱՅ ՔԱՂԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼ»ՆԵՐՈՒ ՕՐԱԿԱՐԳը
Անշուշտ, բազմաթիւ այլ հրատապութիւններու կողքին, ինչպիսին են՝ երկրաշարժէն տուժածներու անօթեւանութիւնը, գործազրկութեան ու աղքատութեան անմխիթարութիւնը, ազատամարտիկներու անբարեկեցիկութիւնը, վերնախաւերու հարստահարումներու անզսպելիութիւնը, եւայլն, եւայլն, այս մէկը նոյնքան ահաւորութիւն մըն է, օրակարգային ըլլալու չափ հիմնաւորութեամբ:
Տարիներէ ի վեր, կ’իմանանք ու կը լսենք, կը կարդանք ու կը տեղեկանանք քաղաքականբանտարկեալներու մասին, որոնք մեղադրուած են հակապետական, հակաիշխանական ու հակակառավարական յանցանքներով կամ գործողութիւններով, որոնց համար պատժուած ու դատապարտուած են համապատասխան վճիռներով: ....Read more >>
    Forward to Friend






This email was sent to tr8seta@gmail.com
why did I get this?    unsubscribe from this list    update subscription preferences
Dr. Dikran Abrahamian · 15 Bridle Rd. · Penetanguishene, On L9M 1J5 · Canada

Email Marketing Powered by MailChimp

No comments: