Monday, 2 May 2011

Recent articles (Armenian) that might interest you

Հայկական Շթորան

http://www.keghart.com/Krajian_Shtaura


Գրիգոր Գրաճեան, Պէյրութ, 20 Ապրիլ 2011


(Յուշեր անցեալէն)

Լիլային

- «Մեր տունը աղբիւրին անմիջապէս աջ կողմն էր»:

- «Մեր տունը աղբիւրէն դէպի վեր, 5-րդ տունն էր»:

- «Մենք կը բնակէինք աղբիւրին վարի թաղը»:


Հայկական Շթորայի- Ժալալայի մէջ բնակողներէն ո՞վ չի յիշեր աղբիւրը, իր պարզ եւ անհրապոյր տեսքով. հասարակ խողովակ մը, որու ներկայութիւնը սակայն ստեղծած էր ամբողջ թաղամաս մը, իրարու մօտ շարուած միայարկ բնակարաններ, որոնք բոլորն ալ տուներէ ներս հոսող ջուրի չգոյութեան պատճառաւ, կապուած էին աղբիւրին: ....Read more >>



Այլասերումը՝ Խաթարիչ Ազգային Դիմագիծին

http://www.keghart.com/A_Jebejian_Assimilation

Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, Ընկերալեզուաբան, Նիկոսիա, 15 Ապրիլ 2011


«ԵԹԷ ՉԷՔ ԿՐՆԱՐ ՀԱՆԴՈՒՐԺԵԼ ՄԵՐ ՁԵՒՈՎ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԸԼԼԱԼ,
ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՀԱՅ ԸԼԼԱԼ»


Ցեղասպանութիւն (Genocide) բառին առաջինը՝ genos (ցեղ) արմատը կու գայ յունարէնէն, իսկ եկրորդը՝ լատիներէն՝ cide

pastedGraphic.pdf

(սպանութիւն) արմատէն: Այս բառին գործածութիւնը 1944ին կարեւորութիւն ստացաւ, երբ Ռաֆայէլ Լեմքին, որ իր ընտանիքը կորսնցուցած էր Հրէական Ողջակիզումին ընթացքին եւ տեղեակ էր հայերուն ենթարկուած Ցեղասպանութեան, սահմանեց զայն եւ 1948ին Միացեալ Ազգերու Ցեղասպանութեան հռչակագիրը, որ ի զօրու դարձաւ 1951ին, Ցեղասպանութիւնը դասեց իբրեւ ոճիր ըստ համաշխարհային օրէնքի:

....Read more >>


No comments: