Tuesday, 30 December 2014

Simon Aynedjian shared Gibrahayer EMagazine's photo.


Հեղինակին մասին - Ռ. Բ. Սվաճեան երրորդ սերունդի Սփիւռքահայ մըն է, որուն ընտանիքը 1800–ական թուականներուն հեռացաւ Փոքր Ասիայէն եւ աշխարհի չորս ծագերուն սփռուեցաւ. ընտանիքէն ոչ ոք մնաց իր պապենական հողերուն վրայ։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար կը խնդրուի գրել intheshadowofthesultan@gmail.com հասցէին։

Գրքի տարածում Կիպրոսի մեջ:
Moufflon Bookshop, 38 Sofouli Street - 1096 Nicosia, Cyprus
Tel. 22 665115. www.moufflon.com.cy - distribution@moufflon.com.cy
Գիրքը կարելի է ունենալ կղզւոյս բոլոր գրատուներէն։

Սուլթանին ստուերին տակ - գրեց՝ Ռ. Բ. Սվաճեան

Պատմական վէպ մը՝ չափահաս տարիք թեւակոխելու մասին

Երիտասարդ պատանիի մը պատմութիւնն է այս, որ իր տունը կը ձգէ եւ երկու հարիւր մղոն կը ճամբորդէ՝ մինչեւ իր մեծ մօրը քաղաքը՝։ Այս քսանըմէկ օրուայ ճամբորդութեան իրեն կ'ընկերակցին իր սիրեցեալ շունը՝ Գայլօ եւ ջորի մը՝ Վարդուկ։ Պատմութիւնը տեղի կ'ունենայ 1896–ի ամրան վերջաւորութեան՝ երբ Փոքր Ասիոյ Համիտեան ջարդերը իրենց գագաթնակէտին հասած էին։ Անոնք նախերգանք մը հանդիսացան 1915–ի Հայոց Ցեղասպանութեան, եւ վէպը ցոյց կու տայ որ Ցեղասպանութեան սերմերը արդէն շատոնց ցանուած էին։ Վէպը գրուած է այն յոյսով՝ որ զայն պիտի կարդան պատանիներ, երիտասարդ չափահասներ եւ անոնք որոնք գրեթէ  — կամ նոյնիսկ բոլորովին — անծանօթ են այդ շրջանի Հայոց Պատմութեան։

Պատմողին կերպարը կ'աճի ու իր անձնաւորութիւնը կը զարգանայ, երջանիկ ու փափկասուն տղէկէ մը սկսած՝ վերածուելով հասուն երիտասարդի մը, օժտուած առանձինը դժուար որոշումներ առնելու կարողութեամբ։ Վէպին նիւթը հասունութեան թեւակոխումն է, ինչպէս նաեւ անդառնալի կորուստը։ Իր հին կեանքը կ'աւարտի, եւ իր կեանքի ուղին պարագայից բերմամբ կը պարտադրուի։ Արտաքին պարագաներն են որ մեր ճակատագիրը  կը ձեւաւորեն։ Ասիկա արկածախնդրութիւն մըն է, եւ վերապրումի ու ինքնաճանաչման պատմութիւն մը։

Կ'ակնկալենք որ որեւէ ընթերցող պիտի կարենայ ինքզինքը այդ տղուն դիրքին մէջ պատկերացնել, հակառակ որ նկարագրուած եղելութիւնները տեղի ունեցան աւելի քան հարիւր տարի առաջ։ Պատմողը մարմնացումն է Արեւմտահայ ըլլալու նշանակութեան — իր հայրենիքէն միանգամ ընդ միշտ պանդխտացած։ Բայց վէպին մէջ այս հանգամանքը չէ չափազանցուած. վերջ ի վերջոյ, կացութիւնը նոյնն է բոլոր տեղահանեալներու պարագային, եւ տղուն դրուագը կրնար նոյնպէս տեղի ունենալ մեր օրերուն՝ Մերձաւոր/Միջին Արեւելքի որոշ վայրերու մէջ։

Քաղաքական տարրերը սահմանափակուած են նուազագոյն աստիճանին, քանի որ հաւանաբար երիտասարդ պատանի մը քաղաքական հարցերով մանրամասնօրէն պիտի չ'զբաղէր։ Լիայոյս ենք, որ վէպը Հայոց այն ատենուայ ապրելակերպի վրայ լոյս պիտի սփռէ։ Զանազան մանրամասնութիւններ՝ ինչպէս զոր օրինակ հեռաւորութեանց կամ լուսնի վիճակին մասին, շաբթուան որ օրը ըլլալը, եւյլն.՝  պատմութիւնը կը կենդանացնեն։ Օտար բառեր էջատակի ծանօթագրութեանց միջոցաւ բացատրուած են, եւ բառացանկ մը եւ յատուկ անուններու ցանկ մը զետեղուած են, ինչպէս նաեւ համառօտ պատմական ծանօթութիւններ՝ ընթերցողին իբր ուղեցոյց։

Գիրքը յօրինուած է իբր միաշունչ պատմուածք, առանց գլուխներու կամ վերնագրերու բաժանման։ Այնուհանդերձ, յստակ է որ երկու մասէ կը բաղկանայ.— նախքան տղուն կեանքը յեղաշրջող պատահարները, եւ անոնցմէ ետք։

Տղուն հասուննալուն ականատես կ'ըլլանք իր արարքներուն ընդմէջէն՝ երբ զանազան մարդոց կը հանդիպի իր ճամբորդութեանց ընթացքին, ըլլան՝ ազնիւ, չար, կամ անօգնական մարդիկ։ Տարիքոտ արկածախնդիր մը՝Պրն. Կարապետ, յաւելեալ տարածոյթ մը կ'ընծայէ պատմութեան։

Բռնութեան հետեւանքը հոգեբանական վէրքն է, եւ այն նկարագրուած է վէպին մէջ, դրսեւորուելով մերթ պաղ վարմունքով, մերթ կեղծ քաջութեամբ, վերապրողի խղճահարութեամբ եւ կամ կրկնուող մղձաւանջերով։
Հեղինակին մասին - Ռ. Բ. Սվաճեան երրորդ սերունդի Սփիւռքահայ մըն է, որուն ընտանիքը 1800–ական թուականներուն հեռացաւ Փոքր Ասիայէն եւ աշխարհի չորս ծագերուն սփռուեցաւ...

No comments: