Saturday, 28 February 2009

: R.A.G OPPOSITION (r.a.g.lebanon@gmail.com)

Ռ.Ա.Կ-ի շրջանակներուն լուրջ ուշադրութեան

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անունով, Աւետիս Տագէսեանի Ամերիկա այցելութիւնը , մեզի կը պարտաւորեցնէ ձեր լուրջ ուշադրութեան յանձնել հետեւեալ կէտերը:

1. Իր գլխաւորած վարչութիւնը ԱՊՕՐԷՆ է, պարզապէս անոր համար որ, ասկէ շուրջ երկու տարի առաջ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ է, հետեւաբար, օրինական ու կանոնագրային առումներով այլեւս ուժի մէջ չէ:

2. Ռ.Ա.Կ. կեդրոնական վարչութիւնը պաշտօնական նամակով մը պահանջած է նոր ղեկավարութիւն մը առաջացնել, ԸՆՏՐՈՎԻ, սակայն ներկայ ապօրէն վարչութիւնը անհիմն եւ անհամոզիչ պատճառաբանութիւններով մերժած է, անորոշութեան մէջ ձգելով զայն:

3. Այս անօրէնութեանց դիմաց, Յակոբ Գասարճեանի մը առաջադրութիւնը Լիբանանեան խորհրդարանի անդամակցութեան, կը մնայ գերազանցապէս ՄԵՐԺԵԼԻ , քանի անդամակցութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը դէմ է անոր թեկնածութեան, մնաց որ անիկա կուսակցութիւնը քանդեց, զինք քննադատողները հեռացուց ,կուսակցութեան անունը շահագործեց,ոչինչ տալով անոր:

4. Յակոբ Գասարճեանին շուրջ գտնուողները,որոնք մատի վրայ կը հաշուըուին, մեծ մասը դրամական ուժով կը մնայ հոն, իսկ Աւետիս Տագէսեանին Ամերիկա այցելութիւնը նոյն ծիրէն ներս կ'իյնայ: Ի միջի այլոց,նոյն Տագէսեանն է որ Ռ.Ա.Կ.-էն վտարուած է, նոյն Յակոբ Գասարճեանի կարգադրութեամբ, նիւթական իւրացումներու ամբաստանութեամբ:

5. Ռ.Ա.Կ.-ը իր ամբողջ փայլուն պատմութեան ընթացքին,չէր վարկաբեկուած ու սնանկացած ,որքան Յակոբ Գասարճեանի մը եւ անոր մանկլաւիկներու շրջանին,որուն մէկ ներկայացուցիչը եղաւ ''վտարեալ'' Տագէսեանը , փոխանակ բարեկարգում մը կատարելու, անարժաններով զսպելու ու կուսակցութեան վարկը բարձր պահելու:
Թերեւս ասոնց համար նիւթականը աւելի ծանրակշիռ է , քան Ռ.Ա.Կ.-ի երդումն ու ուխտադրումը:

6. Տագէսեանը, որ Արտաւազդ թագաւորին նման Գասարճեանին ցանած Ռ.Ա.Կ.-ի աւերակներուն վրայ կը դեգերի, ինք շատ լաւ գիտէ այս քանդիչին ու դաւադիրին ստորնութիւնները, բայց, յանուն իր փառամոլութեան ու կարճատեսութեան, կը յաւակնի Ամերիկա հասնիլ: Մարդկային,ազգային, ու կուսակցական արժանապատուութենէ զուրկ մէկու մը ծառայելու :

7. Օտար բայց ծանօթ աղբիւրէ մը ձրի օդանաւային տոմս ապահովող այս ''սուրհանդակ''ը , որ մարդ համոզելու բնաւ ատակ չէ, պիտի կազմակերպէ քուէարկողներու Լիբանան այցելութեան միջոց, անոնց եւս տրամադրելով ձրի տոմսեր, նոյն աղբիւրէն, Ռ.Ա.Կ.-ի արդի պատմութեան մէջ աւելցնելով սեւ էջերու թիւը:

Եթէ այս բոլորը չէք գիտեր, գիտցէք: Հոս բոլորը գիտեն ու ժամանակը ցոյց պիտի տայ այս ապօրէններուն անկումին պատկերը եւ վախճանը:

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանակի Անդամակցութիւն

Պէյրութ

26 Փետրուար 2009

~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~

No comments: