Wednesday, 18 February 2009

Ramgavar (info@ramgavar-lb.com)

Տխուր ոդիսականը ՌԱԿի

և անկէ դուրս գալու հրամայականը

լիբանանեան քաղաքական կեանքը բուռն եռուզեռի մէջ է:

Այդ եռուզեռի միայն ներլիբանանեան չէ, այլեւ՝ արտլիբանանեան:

Պատճառը:

Շատ պարզ երեսփոխանական «Ֆոլքլոր» մըն է կատարուածը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լիբանանեան քաղաքական խայտաբղէտ ճակատներ, արաբական կարգ մը երկիրներ, որոնք շահագրգռուած են այդ ստուգատեսի արդիւնքներով, նաեւ օտար պետութիւններ, որոնք հետամուտ են այդ ընտրութիւններով իրենց ազդեցութեան գօտիները պահելու գործօն վիճակի մը մէջ:

Գաղտնիք չէ, անկախաբար ներքին քարոզչական-մրցակցական-դաշնակցային կարգախօսներէն ու լոզունգներէն, կան արտաքին շահագրգիռ գլխաւոր կողմեր՝ Եգիպտոսը, Սուրիան, Սէուտական Արաբիան, Իրանը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան, Վատիկանն ու չարաբաստիկ Իսրայելը:

Յառաջիկայ ամիսները, շաբաթները, օրերն ու ժամերը յղի են նոր զարգացումներով, վարդագոյն թէ մոխրագոյն գիծերով, պայքարը թեժանալու ամէն հաւանականութիւն կը զգենու, քաղաքական թէ քարոզչական, չբացառելով ապահովական խախտումներու կարելիութիւնը, ինչ որ ցոյց կու տայ թէ ընտրական այս հանգրուանը որքան ճակատագրական կը նկատուի բոլորին համար:

Հետզհետէ այս խորացող ու սրուող թոհուբոհին մէջ ուր կը գտնուի Լիբանանահայութիւնը, աւելի ճիշդ՝ ուր են Լիբանանահայ կուսակցութիւնները:

Օրին կուտանք մեր մեկնաբանութիւնները կամ դատումները անոնց մասին, սակայն, այժմ կը բաւականանք մեր լուսարձակները կեդրոնացնելով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանակի վրայ:

Անմիջապէս ըսենք, անվարանօրէն, որ ՌԱԿի վիճակը կարծուածէն աւելի տխուր է, ողբալի է, իր անգոյութեամբ, իր անդամանուազումով, իր հեղինակազրկումով և ատենաբար իր չքացումով:

Ոչ գաղութային, ոչ քաղաքական և ոչ ալ Լիբանանեան մակարդակներու վրայ ՌԱԿը ունի յիշատակելի ներկայութիւն մը, բացի կցկտուր ու կարկտան երնումներէ, որոնք ցոյց կուտան միայն իր այսօրուան «ղեկավարութեան» սնանկութիւնը:

Դժբախտաբար, անցնող ութը և յատկապէս վերջին երեք տարիներուն, ՌԱԿը դարձուցին խամաճիկ մը ոչ հայկական շրջանակի մը, ՌԱԿը եղաւ անխօս և անտեսակէտ հետեւորդ մը, եթէ կուզեք «պոչ»իկ մը ուրիշներուն:

Յակոբ Գասարճեանի մը խորհրդարան մուտքով (հայկական ձայներու ծիծաղելի քուէներով), պահ մը կարծուեցաւ թէ բան կը փոխուի (ՌԱԿը կը դառնայ խօսք ունեցող քաղաքական բեմ կամ հայկական երեսփոխանական պլոքը կը ստանայ նոր շունչ մը, սակայն, աւա՜ղ, շուտով յայտնի դարձաւ թէ՝ անիկա շահագրգուած է միայն ու միայն իր աթոռը պահելով, ի գին ՌԱԿի պառակտումին, անդամուժի ցրւումին, կառոյցներու տկարացումին, այլ խօսքով՝ ամէն ինչ և ամէն ոք ստրկացնելու իր հիւանդագին ոճին: Փարաւոր անցեալ ունեցող ՌԱԿը, անշահախնդիր ղեկաւարներով առաջնորդուող ՌԱԿը, ուրիշներէն ենթակայ չեղող ՌԱԿը, չէր կրնար, մէկ օրէն միւսը, Գասարճեանի մը ագարակը դառնալ, զայն հեռացնելով իր ազգային գաղափարախօսական ակունքներէն զայն խորացնելով իր հարազատ ինքնութենէն:

Ո՜չ ոք դէմ էր, որ ՌԱԿը ունենար իր ներկայացուցիչը Լիբանանեան խորհրդարանէն ներս, ո՜չ ոք դէմ էր այդ թեկնածութեան, ո՜չ ոք համամիտ էր Գասարճեանը փոխարինել այդ կառոյցէն ներս ( թէեւ կային զուսպ վերապահներ և հաւանաբար ճիշտ պիտի ըլլար օրին անոնց անսալ, չհասնելու համար այսօրուան խայտարակ և անկումային վիճակին), բայց անընդունելի էր դատապարտելի այն գործելաոճը, որով ՌԱԿը ամբողջովին «Նետեց»ին անհարազատ շրջանակներու գիրկը:

Գասարճեան մը չհասկացաւ ու չուզեց հասկնալ, որ քաղաքական երեսփոխանական դաշտ իջնելը և կուսակցական գաղափարական անկախութիւն պահելը ուրիշ բաներ են: Պէտք չէր շփոթել զանոնք, այլ պէտք էր նրբօրէն ու դիւանագէտօրէն ներդաշնակել զանոնք:

Մինչդեռ, ան ամբողջովին անշքացուց, խեղճացուց ու ստրկացուց ՌԱԿը, յաճախ իր շուրջ համախմբելով «տամղաճի»ներ և կամ կողքին ունենալով տժգունակ ղեկավարութիւն մը, որոնց գլխուն կը կատարէր աղիտաբեր ոստիկանապետութիւն:

Ցաւալին այն է, որ այս երեսփոխանին օրով, ոչ միայն ՌԱԿը քայքայուեցաւ իր կառոյցներով, անդամակցութեամբ ու ժողովրդականութեամբ, այլեւ յաչս տեղական քաղաքական շրջանակներուն դարձաւ ոչինչ ներկայացնող կուսակցութիւն մը:

Ներհայկական առումով պիտի չըսենք թէ ինչ «պարապութիւն» մը կը ներկայացնէ ՌԱԿը (զայն վերապահելով այլ առիթի մը), իսկ տեղական առումով արդեօք ինչ գնահատական կարելի է տալ երեսփոխան Գասարճեանի մը բացարձակ անճարակութեան, երբ չի կրնար քաղաքական տեսակէտ մը արտայայտել, վերլուծաբանական ելոյթ մը ունենալ, հարցազրոյցով մը հանդէս գալ, այլեւ անկախ կեցուածք մը որդեգրել, որ չըլլայ հակադրուող իր երեսփոխանական պլոքին «Մուսթաքպալ», բայց նաեւ չըլլայ մնայուն կերպով ու լիովին թմբկահարողը անոր ու լռիկ-մնջիկ հետեւողը անոր ամբողջական քաղաքականութեան:

Գալով ՌԱԿի ներկայ ղեկավարութեան (այս ալ, որիշ պղծուած բառ մըն է, որուն անդրադառնալու կարիքը կայ), ցաւալի է որ անիկա իր քաղաքական գործունէութիւնը կը շփոթէ վարչական-ընկերային տնօրինումներուն հետ, լաւագոյն պարագային՝ պատկերային մասնակցութիւններով հոս ու հոն տեղի ունեցող միջոցառումներուն կամ հանդիպումներուն, հետեւաբար չի կրնար ան իր գոյութիւնը արդարացնել ու շարունակել, հետեւելով ՌԱԿի անունով հրապարակ իջնող երեսփոխանի մը ցուցմունքներուն, կուսակցական պարզ տրամաբանութեամբ մը:

Այդ ներկայացուցիչը, ո՛վ որ ալ ըլլայ, ինչ որ ալ ներկայացնէ, ԵՆԹԱԿԱՅ է կուսակցութեան օրէնքներուն, ծրագիր կանոնագիրին ու կարգապահութեան:

Հակառակը չի կրնար ըլլալ ու պէտք չէ ըլլայ, այլապէս այս տխուր իրավիճակը հիմնայատակ կը կործանէ առանց այդ ալ բզկտուած կուսակցութիւնը:

Իսկ եթէ այդ ղեկավարութիւնը ի վիճակի չէ այս պարզ տրամաբանութիւնը հասկնալու, ունի մէկ ճամբայ կամ երթալ իր տունը կամ ալ կազմակերպել իսկական պարգամաւորական ժողով մը՝ և որքան շուտ, այնքան լաւ:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԴԻՏՈՐԹ

~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~~

No comments: