Thursday, 8 August 2013

ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՍՏՈՐՆԱԳՈՅՆԸ‏



Nerses Vanakan (hamaxosakan@gmail.com)
Attachment
07/08/2013
Documents
To: lsahagian@gmail.com
Picture of Nerses Vanakan
Outlook Active View
5 attachments (total 2.5 MB)
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՍՏՈՐՆԱԳՈՅՆԸ


            Գարեգին Բ կաթողիկոսի նախաձեռնությամբ հուլիսի 30-ին սկսվեց Գերագույն հոգևոր խորհրդի ժողով: Ժողովի զոհասեղանին էր դրված Ֆրանսիայի թեմի առաջ­նորդ Նորվան արքեպիսկոպոսի վիրավորված արժանապատվության իսպառ ոչնչացման հար­ցը”(30.07.2013 Հրապարակ):
            Այսպէս կը գուժէր հայկական մամուլը` դաւադիրներու աւազակաորջին կողմէ Նորվան Սրբազանի տուած հրաժարա­կանը ընդունուելու որոշման մասին: Արդարեւ, Նորվան Սրբա­զան եկեղեցականի քաջ կերպարով հայ հանրութեան աչքին աւելի´ բարձ­րացաւ, իսկ Էջ­միածնի Գերագոյն Հոգեւոր խոր­հուրդը ընդունած իր նենգա­միտ որոշումին համար աւելի քան երբեք հեղինակազրկուեցաւ: Ամէնուն պարզ դարձաւ, որ Գերագոյն Հոգեւոր Խոր­հուրդ կոչ­ուածը ընդամէնը գործիք մըն է կա­թողիկոսին ձեռքը, անոր չարա­կամութիւնը ամրագրող խունացած կնիք մը, ամորձատ­ուած ներքի­նիներու խումբ մը:
            Ուշադիր մը նայեցէք վերի լուսանկարին, գառնուկի մորթ հա­գած սա սե­ւազգեստ գայ­լերու վոհմակին: Ժամանակակից փարիսեցիութեան գլուխ գործոց մը կ’ուրուագծէ պատկերը` սուտ ջերմեռանդութեան մը նողկալի տեսարանը, որ ձեռ­նամած աղօթասա­ցութեան խաբէական դիր­քով, իր զոհասեղանին վրայ կ’ոչնչացնէ արժանապատուութիւնը եկեղեցական կարգով ու աստիճանով իր հաւատակից եղբօր` Նորվան Արք. Զաքարեանի: Մի´ մոռնաք, որ Յու­դան ալ Հրէից ձեռքը մատնեց Յիսուսը` նենգութեան մը համ­բոյրով:
            Հայ մատենագիրը ի զո~ւր պիտի ա­նիծէր այս ստամբակ­ները ըսելով` “Ընդ խաչա­հանունսն եղիցին” կամ “Ընդ Յուդայի գտցեն”, միեւնոյնն է, չարի գռեհկութիւնը արդէն ներ­թափանցած է մեր եկեղեցիի ղեկավարութեան սիրտը:
            Գարեգին Բ. եղաւ Հայ Եկեղեցիի անդաստանին մէջ որոմ սերմանող չարագործ մը, ներքին բաժանումներ եւ, ահաւասիկ, Երուսաղէմի Ս. Աթոռին հետ անպատասխանատու հերձուած ստեղծող չարաղանդ հերետիկոս մը, հայ հաւատացեալներու կեանքին մէջ խո­շոր գայթակղութիւն մը:
            Ազգն ու Եկեղեցին ներկայիս կը գտնուին լուրջ հրամայականի մը առջեւ` սահմա­նափակել այս բռնագործ մարդուն ձեռքը վստահուած եկեղեցիին չարաշահուած հեղի­նակութիւ­նը: Բազմաչարչար եւ հաւատաւոր հայ ժողովուր­դը արժանի´ է ունենալու աւելի լաւ հոգե­ւոր հայր մը` իսկական Կաթողիկոս մը:
      
            Առկից ձեր նկատառման կը յանձնենք.
            ա) Նորվան Սրբազանի հրաժարականնամակըբ)  Էջմիածնի Գերագոյն ՀոգեւորԽոր­հուրդի ընդունած որոշումըգԷջմիածնիԳերագոյն Հոգեւոր Խոր­հուրդին ուղղուած ՆորվանՍրբազանի բողոքագիրըդԵրուսաղէմիԱմենապատիւ ՏՆուրհան ԱրքՄա­նուկեանինամակը ուղղուած  Գարեգին Բ.ին:

No comments: