Asbarez News
Monday, November 17th, 2014 | Posted by Asbarez Staff
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Սպառնայ Հայաստանին
«Եթէ հայկական կողմը անգամ մը եւս փորձէ որեւէ ռազմական գործողութիւն կատարել, Ատրպէյճանի կողմէ պատասխան քայլը պիտի ըլլայ հզօր ու կործանարար, որ կրնայ առաջնորդել բազմաթիւ զոհերու ու երկար կը մնայ թշնամիին յիշողութեան մէջ». ատրպէյճանական «ԱՓԱ» լրատուական գործակալութեան համաձայն՝ 17 Նոյեմբերին նման յայտարարութիւն կատարած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Սադրանքներն ու Ատրպէյճանի նկատմամբ յարձակողական քաղաքականութիւնը Հայաստանի կողմէ տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակը սխալ գնահատելու արդիւնք է: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ թշնամին պէտք է հասկնայ զօրքերու գրաւեալ տարածքներէն անյապաղ դուրս բերելու կարեւորութիւնը, որ պիտի կանխարգիլէ անմեղ հայ երիտասարդներու մահն ու զերծ պիտի պահէ զանոնք անարդար պատերազմէն», նշուած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Posted by Seta at 03:28
No comments:
Post a Comment