Saturday, 3 November 2012

Voch Yev-ues e Der Papken Avak Kahana Maksoudian



OBITUARY  FOR  REV.  FATHER  PAPKEN  MAKSOUDIAN

ՄԱՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ  Տ.  ԲԱԲԳԷՆ  Ա.  ՔՀՆՅ.  ՄԱԳՍՈՒՏԵԱՆԻ


Ռամկավար Մամուլ Նոյեմբեր 3, 2012
Ոչ Եւս Է Տ. Բաբգէն Ա. Քհնյ. Մագսուտեան
Ցաւով տեղեկացանք թէ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2012-ին, Արլինկթընի մէջ, Մեսեչուսէց (Միացեալ Նահանգներ) վախճանած է գաղափարի հաւատաւոր նուիրեալ Տ. Բաբգէն Ա. Քհնյ. Մագսուտեան, իր 103 տարեկան խոր ծերունազարդ հասակին:
Իբրեւ հոգեւոր հովիւ եւ իբրեւ համատարած յարգանքի արժանացած վաստակաշատ եկեղեցական, Տ. Բաբգէն Ա. Քհնյ. Մագսուտեան աւելի քան 60 տարի նուիրումով ծառայեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ:
Ծնած էր Ատանա եւ 1921-ին, Կիլիկիոյ պարպումի շրջանին, մօրը հետ ապաստանած էր Կիպրոս: Ապա անցած էր Լիբանան եւ 1930-ին յաջողութեամբ աւարտած Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի երկամեայ յատուկ դասընթացքը: Շրջան մը (1942-43) Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին Լիբանան կայք հաստատած բրիտանական զօրքերուն մօտ քարտուղարական պաշտօն վարելէ ետք, շուրջ երկու տարի խմբագրած էր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Զարթօնք» օրաթերթը, միաժամանակ հաստատելով եւ բանեցնելով նաեւ իր անձնական տպարանը:
Տ. Բաբգէն Ա. Քհնյ. Մագսուտեան
Տանն Կիլիկիոյ Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսի յորդորով, 1949-ին քահանայ ձեռնադրուելէ ետք, 1951-ին գործուղուած էր Միացեալ Նահանգներ, պաշտօնավարելու համար իբրեւ Պոստոնի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ: 23 տարիներու համապարփակ եւ ակնյայտօրէն բեղմնաւոր ծառայութենէ ետք, Տ. Բաբգէն Ա. Քհնյ. Մագսուտեան հանգստեան կոչուած էր 1974-ին, մինչ կը շարունակէր ծառայել իբրեւ Պատուակալ Հովիւ, երկարամեայ ջանադիր աշխատակցութեամբ Ծուխի թէ Թեմի բազմաթիւ գործունէութիւններուն:
Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետի կողմէ, իբրեւ արժանի գնահատանք բոլորանուէր իր ծառայութիւններուն, Տ. Բաբգէն Քհնյ. Մագսուտեանին շնորհուած էր Աւագ Քահանայի կոչում:

Խորապէս դաւանելով ազգային եւ հայրենասիրական յստակ համոզումներ, Տ. Բաբգէն Ա. Քհնյ. Մագսուտեան տարիներ շարունակ, անսակարկ նուիրումով վարեց Պէյրութի Թէքէեան վարժարանի Պոստոնի Օժանդակ Մարմնի ատենապետութիւնը: Այս բնագաւառէն ներս եւս, ինչպէս բազմաթիւ իր այլ գործունէութիւններու ծիրէն ներս, իր աջ բազուկը հանդիսացաւ Երէցկին Ազատուհի (Գասապեան) Մագսուտեանը, որ մահացաւ 1986-ին:
Նորոգ վախճանեալ Տ. Բաբգէն Ա. Քհնյ. Մագսուտեանի Տան Կարգը տեղի ունեցած է Ուոթըրթաունի Ս. Յակոբ Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 19-ին, իսկ Վերջին Օծման եւ թաղման կարգը՝ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 20-ին:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ՄԱՄՈՒԼ

No comments: