Wednesday, 24 July 2013

LETTER TO NORVAN ZAKARIAN



Nerses Vanakan (hamaxosakan@gmail.com)
Attachment
10:45

Documents


Picture of Nerses Vanakan

From:
Nerses Vanakan (hamaxosakan@gmail.com)
Sent:
24 July 2013 10:45:29

hamaxosakan@gmail.com

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՍՈՒՏԱՍԱՆԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱՄԱԿԸՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ

 

            Յուլիս 20ին, «Նոր Յառաջ» հրատարակած էԱմենայն Հայոց Կաթղիկոս Գարեգին Բ.ի նամակը ուղղուած Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Նորվան արք.Զաքար­եանին: Սոյն նա­մակը նախապէս մեկնաբանելով կը յանձնենք Հայոց աւանդին եւ սրբութեան նախան­ձախնդիր հասարակութեան ուշադրութեան.

-          Կաթողիկոսի չքմեղանքները համոզիչ չեն:
-          Ինքնարդարացման ճիգերը զինք կը մղեն աւելի մեծ ստախօսութիւններու:
-         Նորվան Սրբազան յիմար մը չէր որ իր լսածին տար “սխալ տպաւորութիւններիազդեցութիւն” կամ ընէր “սխալեզրայանգումներ եւ ընդհանրացումներ”:
-          Փարիզ օդանաւակայանի սրահին մէջ բոլոր ներկաները ականջալուր եւ վկայ են կաթողիկոսի վայրենաբարոյութեան:
-         Նորվան Սրբազանի նամակին մէջ կատարուած կաթողիկոսի վայրագութեան վկայութիւնը`”Եթէ Տէր Վաչէ Քահանայ Հայրապետեանը մինչեւ 1 Յուլիս 2013 չա­զատէք պահակութեան պաշտօնէն եւ թէ թեմը ամսական չտայ անոր, Մայր Աթոռի հետ դու գործ չունես: Այո, դու Մայր Աթոռի հետ գործ չունես այլեւս”, Նորվան Սրբազանին ուղղուած ուղղակի կարգալուծման սպառնալիք է: Այս նոյն սպառ­նալիքը տառացիօրէն կաթողիկոսը ըրած է նաեւ այլ հոգեւորականներու:
-         Պէտք է յստակ ըլլայ, որ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը կաթողիկոսի սեփական կալ­ուածը չէ, որ ան ինքզինքին իշխանութիւն վերապահէ որեւէ մէկուն զրկելու անոր հետ հաղորդակցութեան մէջ ըլլալու իրաւունքէն: Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը ազգային-հոգեւոր աւանդ մըն է, որ իւրաքանչիւր հայ կը ժառանգէ նախ ծնուելով հայ եկեղեցւոյ սուրբ աւազանէն, ապա անոր աւելի քան 17 դարերու սրբագործուած պատ­մութենէն, նաեւ` իր հայրերուն մղած հերոսական գոյապայքարի ու անոնց թափած արեամբ նուրագործու­ած իրաւունքով: 
-         Նորվան Սրբազանի նամակին մէջվկայուած յանցագործ եւ անփառունակ քահա­նայի մը սքեմը կաթողիկոսը իր անձինպատիւը կը համարէ: Հարց պէտք է տալ, իսկ այն աւելի քան հարիւր նուիրեալ եպիսկոպոսներու, վարդապետներու, քահա­նաներու եւ սարկաւագներու սքեմը, որոնց Գարեգին Բ. Ապառանցին “Հայրապե­տական տնօրինումով” կարգալոյծ հռչակեց, արդեօք իր պատիւը չէ՞ր…
-         Դժբախտաբար ունինք կաթողիկոս մը, որ Ս. Աւետարանի խօսքին համաձայն` “Ոչ Աստուծմէ կը վախնայ եւ ոչ ալ մարդոցմէ կ’ամչնայ”: Ցարդ իր գործելաոճը կը վկայէ անբարոյական, յանցագործ, բռնամոլ, ռամկաբարոյ եւ անհաւատ անձ մը ըլլալու մասին, որուն ազգը թիւրիմացաբար վստահած է անսահմանափակ իշխա­նութիւն: Եւ ճիշդ ցաւն ու ամենամեծ վտագը այն է` անսահմանա­փակ իշխանու­թիւն վստահիլ ռամիկ մարդու մը, որպիսին Գարեգին Բ. Ապառանցին է:
-         Ժամանակն է, որ ազգին պատասխանատուները մշակեն համակարգ մը` սահմա­նափակելու համար կաթողիկոսին սանձարձակութիւնները:
-         Գարեգին Բ.ի կաթողիկոսանալը եկեղեցիին համար դարձաւ սրբապղծութիւն մը, իսկ ազգին` աննախադէպ ամօթանք մը:
-         Գարեգին Բ. պէտք է յանձնուի ժողովրդա­յին դատաստանին:



ՈՂԲ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎՐԱՅ

«Կ՛ողբամ քեզ հայոց աշխարհ, կ՛ողբամ քեզ, բոլոր հիւսիսային ազգերու մէջ վեհագոյնդ, որովհետեւ վերացան թագաւորդ ու քա-հանադ, խորհրդականդ ու ուսանողդ, վրդովուեցաւ խաղաղութիւ-նը, արմատացաւ անկարգութիւնը, խախտեցաւ ուղղափառութիւնը, հիմնաւորուեցաւ տգիտութեամբ չարափառութիւնը» (Խորենացի)

No comments: